Հայերէնի համար առցանց գործիքներու հաւաքածոյ։
Հայատառը անվճար, անհատական նախաձեռնութեամբ ստեղծուած հարթակ մըն է՝ հայերէն լեզուի գործիքներու համար։
Պատմութիւնը
«Հայատառ»-ի գաղափարը ծնաւ տարիներ առաջ, երբ հայերէն գրելը՝ հայատառ գրելը, տակաւին մատչելի չէր։ Կը խօսիմ այն ժամանակներուն մասին, երբ հայերէն ստեղնաշարը որեւէ գործող համակարգի մէջ ներառուած չէր, եւ մեր հեռաձայններուն վրայ հայերէն գրելու մասին երազել իսկ չէինք կրնար։
Բազմաթիւ փորձերէ եւ բազմաթիւ անձերու հետ զանազան քննարկումներէ ետք, հասկցայ, որ գաղափարը ինքնին այդքան ալ եզակի չէր, թէ շատեր փորձած էին ու ձախողած, եւ թէ հայերէն լեզուի բարդութեան պատճառով՝ այս մէկը իրագործելի չէր:
Եւ ապա եկաւ «էվրիքա» պահը։ Կրցայ ստեղծել ծրագրային տրամաբանութիւն մը, որ կարելի դարձուց այս գործը։ «Բաւական լաւ» տարբերակ մը մշակուեցաւ, փորձարկուեցաւ, բարելաւուեցաւ եւ գործարկուեցաւ։ Այսպէս սկսաւ Hayadar.com beta-ն։
Կարճ ժամանակ ետք նկատեցի, որ Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր շրջան բառերը տարբեր ձեւով կը տառադարձէ։ Տակաւին չենք խօսիր արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի խառն ազդեցութիւնը։
Այնուհետեւ սկսայ աշխատիլ «ալկորիթմ»ի աւելի բարդ եւ աւելի լաւ տարբերակի մը վրայ, որ պիտի կարենար ընդունիլ տառադարձութեան բոլոր ոճերը, ինչպէս նաեւ սորվիլ օգտատէրերէն: Այս ալ Hayadar.com-ի v1.0 տարբերակը։
Տարբերակներու պատմութիւն
v 3.0
Հայատառի ամբողջովին վերամշակուած տարբերակ՝ թէ՛ դիզայնով, թէ՛ ալկորիթմով։
Աւելի քան 1,600,000 ճիշդ ուղղագրուած բառեր, անուններ եւ ազգանուններ։
Unicode-էն ARMSCII-ի փոխարկիչ։
v 2.0
Եւ հիմա ժամանակն է Hayadar.com v2-ին։
Աւելի քան 200,000 ճիշդ ուղղագրուած բառերով՝ կը հաւատամ, որ Հայատառը հասած է այն հանգրուանին, ուր կարելի է նախագիծը անցընել յաջորդ փուլ։
Այնուհետեւ եկաւ Hayadar v1.1-ը՝ աւելի բարելաւումներով, եւ բոլոր բառերը ճիշդ ուղղագրուած էին։
Այդ օրէն ի վեր նախագիծը ունեցաւ քանի մը փոքր թարմացում, գլխաւորաբար նոր բառեր աւելցուեցան համակարգին մէջ։
v 1.0
Ալկորիթմը բարելաւուեցաւ եւ Hayadar v 1.0-ը գործարկուեցաւ։
Ժամանակագիծ
-
Հայատառ հայերէն ստեղնաշար
2026-ի վերջաւորութիւնՀայերէն ստեղնաշար սարքերու համար՝ տառադարձութեան կարելիութիւններով եւ արեւմտահայերէնի ուղղագրիչով։
-
Hayadar.com v3
Ապրիլ 2026Hayadar.com-ի մինչեւ այսօր ամենէն զարգացած տարբերակը։
-
Hayadar.com v2
Փետրուար 2022Աւելի արագ եւ աւելի քան 200,000 բառերով։
-
Hayadar.com v1.1
Մարտ 2019Hayadar.com v1.1-ը հրապարակուած է՝ աւելի բարելաւումներով, եւ բոլոր բառերը ճիշդ ուղղագրուած էին։
-
Hayadar.com v1
6 Մայիս 2016Hayadar.com-ը պաշտօնապէս դուրս եկաւ հանրային beta փուլէն՝ շատ աւելի լաւ ուղղագրիչով, բառացանկով եւ յատկութիւններով։
-
Hayadar.com-ը հրապարակուեցաւ իբրեւ հանրային beta
27 Յուլիս 2013Վերջապէս բոլորը կրնային փորձարկել Hayadar.com-ը։
-
Փակ beta
Ապրիլ-Յուլիս 2013Այս շրջանին էր, որ ընկերային ցանցերու էջերը գործարկուեցան, Hayadar.com տիրոյթի անունը արձանագրուեցաւ, եւ առաջին՝ նախնական փորձարկումը հանրութեան ներկայացուեցաւ։
-
«Էվրիքա» պահը
2012-ի վերջաւորութիւն -
Գաղափարը
Շուրջ 2010